2010-02-02 16:32:53

2010 - Հայ կնոջ տարի`


Կինը հայոց պատմութեան մէջ

Ծանօթ իրողութիւն է, որ մեր պատմութեան խաղաղ թէ վերիվայրումներով յղի ժամանակներուն, հայ կինը միշտ ունեցած է իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը։ Հայոց պատմութեան հեթանոսական շրջանին, Անահիտն էր հայոց գլխաւոր չաստուածուհին։ Չաստուածուհի էին նաեւ Աստղիկ, Նանէ, եւ ուրիշներ։ Հայ ժողովուրդի հեթանոսական շրջանին մէջ իր արմատները ունեցող հայ կնոջ դերը նոր զարգացում ունեցաւ քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքով։ Այս ուղղութեամբ, կարեւոր կը նկատենք կարգ մը ընդգծումներ ու յիշեցումներ որ յառաջիկայ մեր հաղորդումներու պիտի մատնանշենք, ինչպէս Հայ կինը որպէս մայր, Հայ կինը որպէս դաստիարակ, Հայ կինը որպէս հասարակական գործիչ, Հայ կինը որպէս մտաւորական, Հայ կինը որպէս պաշտպան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան ու Հայ կինը որպէս ընկերային ծառայող








All the contents on this site are copyrighted ©.